2012-09-03 13:10:06

Հայկական Եկեղեցիներու Պահպանութեան Պահանջով Դիմում` Պաթմանի Նահանգապետարանին.


Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հայերու ընկերային օգնութեան եւ մշակութային պայքարի միութիւնը Պաթմանի նահանգին մէջ աւերուած եկեղեցիներուն պատճառով դիմած է նահանգապետարան` պահանջելով պաշտպանութեան տակ առնել եկեղեցիները:
Միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը դիմումին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ վերջին շրջանին Պաթմանի նահանգին մէջ հայկական եկեղեցիները կ՛աւերուին:
«Վերջին օրինակը Սասունի Մարութայ սարի Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր, որ աւերուեցաւ սադրիչներու կողմէ: Սասունի շրջանի Մեշելի գիւղի յետնամասին մէջ գտնուող, Պետրոս առաքեալի եկեղեցին ալ պէտք է պաշտպանութեան տակ առնուի, քանի տակաւին չէ աւերուած: Պաշտպանութեան կարիք ունին նաեւ Ռեշմիք գիւղի եկեղեցին, Քոզլուք շրջանի Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին», նշած է Տաղճը:
Ան ըսած է, որ չի հաւատար այն պնդումներուն, թէ եկեղեցին քանդուած է գանձ փնտռողներու կողմէ:
«Իբրեւ համայնք հասած ենք իրավիճակի մը, որ չենք կրնար աղօթել: Այս եկեղեցիները բոլորն ալ արձանագրուած են: Ըստ Լոզանի հաշտութեան համաձայնագիրի 42-րդ յօդուածին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներն ու կրօնական այլ հաստատութիւնները պաշտպանել: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է կատարէ Լոզանի համաձայնագիրին այս դրոյթը», ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.